tag:blogger.com,1999:blog-4242728627029561091.post-72695626487895746942007-03-09T13:41:00.000-08:002007-03-09T14:27:44.764-08:00Ի՞նչ է մէթրոյին հայերէնը. ընդուղի՞
Հայերէնի դասընթացքի մը ատեն, զոր վերջին շրջանին կը ջանամ վարել, հարցուեցաւ, թէ ի՛նչ է մէթրոյին (metro) հայերէնը: Բնաւ չէի մտածած նախապէս, քանի որ սուորաբար մէթրօ կ'ըսեմ, շատերու նման: Հետեւաբար փորձեցի աշակերտներուս հետ միասնական աշխատանք մը վարելով հասնիլ արդիւնքի մը ու գտնել յարմարագուն բառը այս փոխադրամիջոցին համար, որ վերջին շրջաններուն բաւական մը մուտք գործեց մեր առօրեայէն ներս:
Արդիական նման բառերու թարգմանութեան ժամանակ առհասարակ կը նախընտրեմ օգտուիլ հայերէնին բառամթերքը հարստացնելու կոչուած գլխաւոր աղբիւրէն՝ բառապատճէնումէն, որ բառաստեղծման տարածուն միջոց մը եղած է նաեւ միջնադարուն: Եւ կամ կը նայիմ, թէ բառը ինչպէս կը գործածուի Հայաստանի մէջ, ուր ռուսերէն ասոյթներու առընթեռ կան մաքուր հայերէնով բառեր նաեւ՝ գործածականութեան զարմանալի ժողովրդականութիւն մը վայելող:
Երեւանի մէջ 1980-էն ի վեր մէթրօ գոյութիւն ունի, բայց հայերէն բառ մը ստեղծուած չէ եւ, իհչպէս շատ մը երկրներու մէջ, կը կոչուի «մէթրօփըլիթէն»: Այս բառն ալ ԺԵ. դարուն սկսած է գործածուիլ նախ լատիներէնի մէջ՝ բնորոշելու համար քաղաքի մը գլխաւոր եպիսկոպոսը (մետրոպոլիտ): Իսկ ԺԶ. դարուն անգլերէնի մէջ ձեռք բերած է գրեթէ այսօրուան իմաստը, որ է՝ մեծ քաղաքին պատկանող: Թէ ե՞րբ բառը վերածուած է փողադրամիջոցի մը յատուկ անունին, դժուար պիտի չըլլայ կռահել. Ի. դարասկիզբին ֆրանսացիք Փարիզի հռչակաւոր մէթրօն կոչած են Chemin de fer Métropolitan (մեծ քաղաքի երկաթուղի):
Մէթրոյի հայերէնին անկարելի պիտի ըլլար ուրեմն հասնիլ Հայաստանի վրայով կամ փոխադրամիջոցին կնքահայրը եղող ֆրանսերէն բնօրինակը պատճէնելով: Յիշեցինք, որ գոյութիւն ունի նաեւ բաւական գործածական անգլերէն բառ մը՝ subway: Կրնայի՞նք արդեօք պատճէնել այս մէկը. չէ՞ որ նոյն նախածանցով գոյութիւն ունեցող այլ բառ մը անցեալին հայերէնը պատճէնած էր անգլերէնէն՝ submarine-ը թարգմանելով ընդծովեայ: Ուրեմն, sub-ը թող շարունակէ համապատասխանել ընդ- նախածանցին, իսկ way-ն ալ թող ըլլայ ուղի: Եւ կ'ունենանք ընդուղի բառը, որպէս հայերէնը մէթրոյի:
Հայերէն այլ բառեր ալ առաջարկուած են մէթրոյին համար՝ զոր օրինակ գետնուղին կամ գետնանցքը, որոնք աւելի ստորգետնեայ միջանցքներու, ճամբաներու տպաւորութիւնը կու տան լսողին կամ ընթերցողին:
Անշուշտ, չեմ կրնար գիտնալ, թէ ընդուղին ի՞նչ տպաւորութիւն կրնայ ստեղծել, սակայն սա ալ առաջարկ մըն է, որուն ճակատագիրը այսու կը յանձնեմ գրողներու եւ խօսողներու կամքին:

28 Փետրուար 2007
«Ժամանակ»
Սեւան Տէյիրմէնճեանhttp://www.blogger.com/profile/06400945949328421622noreply@blogger.com