«Թող ո՛չ մի զոհ չպահանջուի ինձնից բացի,
Ուրիշ ոտքեր կախաղանին թող մօտ չգան»:
Եղիշէ Չարենց
Հրանդի՝ հայ մարդու մը, լրագրողի մը, մտաւորականի մը զոհուի՞լը պէտք էր հասկնալու համար միասնականութեան կարեւորութիւնը կամ անհրաժեշտութիւնը, որոնց հրատապութեան կոչերը կը լսուին այսօր համայնքին մէջ: Պէտք է ցա՞ւ ապրէինք, արտասուէի՞նք, ցնցուէի՞նք՝ զգալու համար գէշ-աղէկ մեր ձեռքը գտնուող մնացորդացին անփոխարինելի ըլլալուն փաստը: Հրանդին ըսել կամ ընել ուզածը այս վերջին քանի մը օրերուն կը բարձրաձայնենք կամ կը ջանանք կատարել, մինչդեռ որքան տենչալի էր զանոնք իրականութեան վերածել երբ չէր պատահած նման ողբերգութիւն մը: Հասարակութիւնները դէպի զգաստացում առաջնորդելու, զանոնք ցնցելու, անոնց ներքին լարուածութիւնը պահ մը գոնէ թուլցնելու համար միթէ անհրաժե՞շտ է անհատին մահը: Եթէ այո՝ ապա մենք շատ ունինք անոնցմէ... Ո՞ր մէկուն անունը բերել գէթ օրինակի մը համար: Անցեալի նահատակութիւնները անբաւարար կրնան նկատուիլ այն պատրուակով, թէ անոնց գոյութիւնը չէ համընկած մեր գոյութեան տխուր ընթացքին, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ միջոց մը վերջ մոռցուած են անոնց վկայութեան դառն փորձը:
Ո՞ւր էինք մենք, երբ պատահեցաւ Հրանդին նահատակութիւնը: Եւ ո՞ւր ենք այսօր, երբ հողին կը յանձնենք զինքը: Ի՜նչ մեծ է չէ տարբերութիւնը վերջին սա քանի մը օրերուն: Չեմ ուզեր մանրամասնել... Բայց միթէ զո՞հ մը անհրաժեշտ էր, արեան կարմի՞րը հարկաւոր էր ամրապէս զիրար գրկելու, զիրար սիրելու, յարգելու, իրարու փարելու գուցէ մոռցուած հարկադրանքը քիչ թէ շատ մեր մէջ զգալու համար:
Իւրայիններուն հանդէպ մերձաւորութիւն մը ստեղծելու բուռն ջանքերը, մեծ հաւանականութեամբ, կը բխին դուրսի «անծանօթ» աշխարհին դէմ վախ ունեցող մանկան մը հոգեբանութենէն: Տեղական մամուլէն կարդացի քանի մը պոլսահայերու հետ կատարուած կարճ հարցազրուցներ, ուր անոնք վերստին մատնուած էին վախի ճնշումին, չէին ուզեր արտայայտել իրենց մտածումները, չէին համարձակիր հայերէն խօսելու, կը քաշուէին բացայայտելու իրենց ինքնութիւնը ու կը փափաքէին ներամփոփուիլ, չէզոքանալ:Զգուշութիւն մը, զոր Հրանդ, իր պարագային, յաջող օրինակով մը հանգիտութեան մէջ կը դնէր աղաւնիին զգացածին հետ: Ուրեմն ի՞նչ՝ կը վերադառնանք հի՞ն օրերուն, երբ «հայ եմ» ըսելն անգամ համարձակութիւն կը նկատուէր ոմանց կողմէ: Յուսամ այդ քանի մը պոլսահայերու տրամադրութիւնները չեն ընդհանրացած ու անոնք կը մնան պարագայական օրինակներ որպէս: Այլապէս դաւաճանած պիտի ըլլանք Հրանդի դեռ թարմ եւ մեր այլ նահատակ մտաւորականներու յաւէտ յիշատակելի անուններուն, զորս կ'ապրին մեր դաւանած սկզբունքներուն մէջ, թէ միասնականութիւնը, ազգային արժէքներուն հանդէպ մեր գուրգուրանքը, հայերէնի նկատմամբ մեր սէրն ու հին ժողովուրդի մը վայել լրջմիտ հպարտութիւնն է մեր գոյութեան երաշխիքը:
* * *
Այսօր հողին կը յանձնենք Հրանդը:
Իր հետ ունեցած սակաւաթիւ յիշատակներէս ինքզինք վերյիշումի ենթարկեց յատկանշական հետեւեալ դրուագը:
Քանի մը տարիներ առաջ էր, երբ «Կիլիկիա» առագաստանաւը խարսխած էր Գնալը կղզիի մօտակայքը: Նաւուն երկօրեայ այս այցելութիւնը տակաւին անմոռանալի կը մնայ շատերուն համար: Կարճատեւ սակայն բուռն ապրումներու առիթներ ընծայած էին պատմական այդ օրերը, որոնք իրենց աւարտին հասան երբ առագաստանաւը խարիսխ բարձրացնելով սկսաւ հեռանալ դէպի բաց ծով, դէպի անյայտ հեռուները: Փոխ-նաւապետը՝ Արեգ Նազարեան, վաղեմի բարեկամ մըն էր Երեւանէն: Գացի քովը եւ ըսի, թէ կ'ուզէի ընկերանալ իրենց մինչեւ կղզիին բացերը: Ընդունեց առանց առարկութեան: Կը կարծէի, թէ նաւուն միակ պոլսահայն եմ եւ սկսած էի ուրախանալ, թէ «Կիլիկիա»ն վերջինն է որ պիտի լքեմ: Յանկարծ տեսայ Հրանդը: Պիտի չկարենամ ըսել, թէ ուրախութիւնս կրկնապատկուած էր, քանի որ առանձնաշնորհեալ ըլլալու պատիւը ստիպուած պիտի ըլլայի բաժնելու իրեն հետ: Միասին թափառեցանք քիչ մը նաւուն վրայ, դիտեցինք ծովը, ապրեցանք «Կիլիկիա»ի անկրկնելի մթնոլորտը, օգնեցինք նաւազներուն, երբ անոնք կայմին վրայ կը բարձրացնէին հսկայ առագաստը: Վերջապէս եկած էր նաւը լքելու պահը: Ցատկեցի ու անմիջապէս գլուխս ետ դարձուցի՝ տեսնելու համար, բէ Հրանդ ինչպէս ծով պիտի ցատկէ: Կարճ միջոց մը ետք ան եւս լքեց առագաստանաւը, նստաւ իր նաւակը ու սկսաւ վերադառնալ կղզի:
Իրմէ մասունք մըն է այսօր այս անմոռանալի յիշատակը ու գիտեմ, որ ապրէր իսկ պիտի չկրկնուէր անգամ մըն ալ: Թէեւ աշխատելու առիթն ալ ունեցած եմ Հրանդին հետ, 1996-ի ամրան, «Ակօս»ի մէջ, թէեւ քանի մը անգամներ Երեւանի մէջ մէկտեղուած ենք զանազան առիթներով, թէեւ բարկացուցած եմ զինքը, ողջագուրուած ալ ենք... Այո, եղած են այս բոլորը եւ կրնային նորէն ըլլալ: Բայց «Կիլիկիա»ն անկրկնելի ապրում մըն էր ու պիտի մնայ ալ...
Այսօր հողին կը յանձնենք Հրանդը: Այս անգամ չեմ ուզեր ետ դառնալ ու դիտել զինքը: Չեմ ուզեր նային իրեն վերջին անգամ մըն ալ՝ յիշողութեանս մէջ չխաթարելու համար իր պատկերը, չեմ նայիր զգետնուիլը պատկերող լուսանկարներուն, չեմ քալեր այսուհետ «Ակօս»ի շէնքին մայթին վրայ, չեմ ուզեր ապրիլ իր նահատակութեան բօթին յառաջացուցած սարսուռները:
Այսօր հողին կը յանձնենք Հրանդը, որպէս նահատակ մը, որ փորձեց ապրին հայու պէս՝ հպարտ ու գիտակից:
23 Յունուար 2007
«Ժամանակ»

No comments:
Post a Comment