«ՄԱՐԱԼ»Ի 30-ԱՄԵԱԿԻ ՓԱՌԱՅԵՂ ԵԼՈՅԹԸ
Իսթանպուլահայ բեմը 30 երկար տարիներէ ի վեր «Մարալ»ի պարով կը փառաւորուէր արդէն։ Պենոն Գուզուպաշի եւ իր երախտաշատ ընկերներուն անմահ գործը, որ 1980-ի հեռաւոր տարիին ծնունդ կ'առնէր, իր հիմնադիրներն իսկ գուցէ զարմացնէր այսօր ստացած տարողութեամբ։ Եւ մանաւանդ իմաստո՛վ։ Պարը լեզու մըն է, խիստ ազգային լեզու մը, գիտե՛նք. անով կրնաք չըսուելիք բաներ ըսել, սէր խոստովանիլ, կամք արտայայտել, անցեալը վերլուծել, ներկան գնահատել, ապագայի ծրագրեր մշակել նոյնիսկ… Ձեր դիմացինը այդ լեզուն չխօսի իսկ կը հասկնայ, կը զգայ ձեր ըսածը, կը գուշակէ անոր իմաստը, կը գիտակցի կարեւորութեան։ «Մարալ», անոր աւելի քան 130 պարողներն ու պարուհիները՝ մանուկ, պատանի, երիտասարդ, երէց երէկ իրիկուն երկա՜ր պատմութիւն մը պատմեցին մեզի, աւանդապատում մը եւ մենք հասկցանք զիրենք։ Քանի մը ժամ հեռացանք մեր անմիջական իրականութենէն, տարուեցանք ուրիշ աշխարհներու երազով՝ առանց անգիտանալու սակայն, թէ բեմէն տրուածը մեր վերադառնալիք աշխարհին մէջ գոյատեւելու ուժը կը պատուաստէր մեզի։
«Լիւթֆի Քըրտար» կեդրոնին մէջ երէկ իրիկուն կայացած «Մարալ» երգի ու պարի համոյթի համերգը մաս կը կազմէր 30-ամեակի հանդիսութեանց։ Գագաթ մը յոբելենական ձեռնարկներու շարանին մէջ։ Հազարաւոր ներկաներ երեւոյթի աւարտին իրենք զիրենք բախտաւոր նկատած են անկասկած՝ ապրելով հազուագիւտ ձեռնարկի մը մասնակից դառնալու գոհունակութիւնը։ Երեկոյթի հիւրերու կարգին էին Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, Հրէից Խախամապետ Իցհաք Հալէվա, Պատրիարքական Աթոռի Լուսարարապետ եւ Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքի Աջակից Վիճակաւոր Արհի. Գէորգ Արք. Խազումեան Գերապայծառը, ինչպէս նաեւ Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Միջազգային Քարտողարութեան մօտ Հայաստանի Մշտական Ներկայացուցիչ Կարէն Միրզոյեան, Ներկայացուցչութեան խորհրդական Արմէն Ոսկանեան, Շիշլիի Քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, Փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Ներկաներու հոսքը այնքան շատ էր, որ քիչ մըն ալ տեղատարափ անձրեւին պատճառով, համերգասրահ տանող բոլոր ճամբաները խցանուած էին։
Երեկոյթի բացման խօսքը արտասանեց Էսաեան Սանուց Միութեան Վարչութեան Ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան։ Ան ողջունեց բարրաստիճան հիւրերը եւ բոլոր ներկաները, ըրաւ պատմականը «Մարալ»ին, յատկապէս յիշելով անոր հանգուցեալ երախտաւորներուն՝ Պենոն Գուզուպաշի եւ ապա Արսէն Փափազեանի նուիրական անունները, ինչպէս նաեւ Թալին Փափազեանն ու Յովհաննէս Պանտոյեանը, որոնք անելէ մը փրկած են «Մարալ»ը, երբ ան կը գտնուէր անդունդի եզրին։ Տրամէրեան առանձնացուց «Մարալ»ի գեղարուեստական ղեկավար ու պարուսոյց Կարպիս Չափքանն ու կողակիցը՝ Իրիս Չափքանը, որոնք մեծ նուիրումով ու զոհողութեամբ կուրծք կու տան բազում դժուարութիւններու՝ բարձր պահելու եւ նոր գագաթներու առաջնորդելու համար «Մարալ»ը։ Ան յիշեցուց, թէ «Մարալ» կը վայելէ Էսաեան Սանուց Միութեան ու Պէյօղլուի ընտանիքին նեցուկը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Աբիկ Հայրապետեանին, Էսաեան Վարժարանի Տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանին, նախակրթութեան բաժնի Տնօրէնուհի Առլին Եշիլթէփէին եւ յարակից այլ մարմիններուն։
Շնորհակալութեան մասնաւոր արտայայտութիւններ եղան Մուսթաֆա Սարըկիւլի եւ Վազգէն Պարընի հասցէին, որոնք միշտ եղած էին պարախումբի կողքին։ Ի գնահատումն իրենց օժանդակութեան անոնց յանձնուեցան յուշատախտակներ՝ ձեռամբ «Մարալ»ի 30-ամեակի Կարգադիր Յանձնախումբի Ատենապետուհի Սէլմա Իսքէնտէրէօզի եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդէն Պօղոս Եըլանի։
Ապա բեմ եկաւ օրուան խօսնակը՝ Էլմոն Հանչէր, որ ամբողջ երեկոյթի ընթացքին ձեռնհասօրէն վարեց հանդէսը՝ ամէն մէկ պարի մասին տալով հակիրճ տեղեկութիւններ։
Համերգի առաջին բաժինը բացուեցաւ հայկական աւանդական «Բերդպար»ով, որ իր յաջող բեմադրութեամբ կանխանշեց հանդէսի ողջ տեւողութեան բարձր որակը։ Ապա ցուցադրուեցան «Բարեկամութիւն», «Էրմոնի գովքը», «Արցախ», «Մարտապար», «Էնզէլի» պարերը, ինչպէս նաեւ հատուածներ «Գայիանէ»էն, հայկական ու վրացական ազգագրական պարեր։ Այս հատուածին մէջ հանդէս եկաւ նաեւ Տքթ. Գարին Եասթանքաչքօլ, որ մեներգեց Խաչատուր Աւետիսեանի «Սիրուս կը սպասեմ»ը։ Երկրորդ բաժինը բացաւ «Թիֆլիսէն պատկերներ»ը, որմէ վերջ նուագախումբը նուագեց «Շէհնազ լոնկա»՝ Սանթուրի Էթհէմէն։ «Ուզուն Տարա», «Սարտարապատ», ռուս ժողովրդական «Գալինքա», «Սայեաթ Նովա», Արտահանէ «Նազպար», «Արտաշատ» պարերը կազմեցին յայտագրին երկրորդ մասը, որու տեւողութեան Յովհաննէղս Բադալեանի «Սարերի հովին մեռնեմ»ը մեներգեց Գարին Սուսմաք, նուագախումբն ալ ներկայացուց Հայկ Գրիգորեանի «Վանայ ճամբէն»ը։
Երէկի այս ցուցադրութեան լոկ յայտագիրը մէջբերելը անիրաւութիւն կ'ըլլայ բեմին վրայ թափուած քրտինքին հանդէպ։ Սակայն գիրի աշխարհը, առնուազն սա թերթի սիւնակներուն սահմանին մէջ, կը մնայ անբաւարար։ Մտածումէ մտածում առաջնորդեց «Մարալ» երէկ իրիկուն զիս եւ վստահաբար բոլոր ներկաները։ Ինչպէ՞ս կ'ըլլայ, որ փոքր համայնք մը նման չափանիշերով պարախումբ մը կրնայ ունենալ։ Փոքրիկ համայնք մը ունենա՜յ պարախումբ մը, զոր կարելի է թերեւս ստեղծել պետական միջոցներով։ Ի՜նչ մեծ զոհաբերութեան ու նուիրումի արդիւնք է սա։ Մէն մի պարի համար աչքի լոյսով պատրաստուած զգեստները շլացուցիչ էին, անթերիօրէն կատարեալ… Արհեստավարժ պարողներ չկային բեմին վրայ. այդ տղաքը, որոնցմէ ոմանք յակայ-յանուանէ ծանօթ են մեզի, դպրոցական սաներ են տակաւին, ոմանք աշխատաւոր, ոմանք համալսարանական ուսանող, սակայն երէկ բեմի վրայ դարձած էին մէյ-մէկ տիտան, աղջիկներն ալ՝ նախանձնելի ծովահարսեր։ Բազմաթիւ անգամներ Երեւանի մէջ դիտած եմ Հայաստանի պարի պետական համոյթը։ «Մարալ» եւ Սփիւռքի միւս պարախումբերը շատ անգամ ազդուած են անկէ, շատ բնականաբար։ Ինչպէս կ'ըսեն՝ նմանը կ'ապրեցնէ բնօրինակը։ Երէկ գիշերուընէ վերջ սակայն կարելի դարձաւ մտածել, թէ իսթանպուլահայութեան պարախումբը՝ «Մարալ» իր եռանդով, իր ձգտումի անկեղծութեամբ, նպատակի իրագործումի անվեհերութեամբ, իր հոգիով ու անոր արտայայտման յաջողութեամբ կրցած է իր բնօրինակին մակարդակին բարձրանալ։
Այստեղ երկու խօսք կայ ըսելիք։ Նախ՝ նուագախումբին մասին։ Հայաստանէ ժամանած արուեստագէտներէ բացկացած էր ան մեծ մասամբ, Հայաստանի պարի պետական համոյթի նուագախումբի ղեկավար, յօրինող Հայկ Գրիգորեանի խմբավարութեամբ։ Բացի Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան դասական մէկ արտայայտումը ըլլալէ, յաջող ձուլումի մըն ալ ապացոյցը դարձաւ ան՝ եթէ նկատանենք անոնց երէկի ներդաշնակութիւնը պարախումբին հետ։
Բեմին վրայ կը սիրենք երգը, պարը, սակայն կը սիրենք նաեւ ա՛յդ ներդաշնակութիւնը, ձոյլ միասնականութիւնը պարողներու ու նուագախումբի ամբողջին մէջ։ Նոյն շարժումներու, մեղեդիներու համահունչ ձեւերու դաշն միասնութիւնը կը գրգռէ մարդկային հոգիի պապագը՝ ներդաշնակութեան հանդէպ։ Կեանքին խառնակութիւնը, քաոսը պահ մը կը մոռցուին, խառնիճաղանճ իրականութիւնը բեմին վրայ իր տեղը կը թողու վիպական ներդաշնակութեան մը։ «Կեղծ» է, այո՛, սակայն ո՞վ կրնայ մերժել անոր ընծայած հաճոյքը։
Միւս խօսքը կը վերաբերի Կարպիս Չափքանին, Իրիս Չափքանին։ Զոհողութեան այդ ի՜նչ հոգի է որ ունիք, սիրելի Կարպիս, սիրելի Իրիս։ Յուզուեցայ ձեր նուիրումին առջեւ, իրապէ՛ս։ Յայտնի է, այդ տղաքը, այդ պատանիները դո՛ւք յղկեցիք, արձանագործի մը նման դո՛ւք քանդակեցիք։ Անոնց ամէն մէկ շարժումին, ոտքի հարուածին, մատներու թափահարումին մէջ ձեր շունչը կայ։ Աշխատանքէ սանուց միութիւն եւ հոնկէ տուն վազեցիք, թերեւս սանուց միութենէն ուղղակի աշխատանքի գացիք երկար ու անքուն գիշերներէ վերջ։ Չեմ գիտեր անշուշտ։ Սակայն երէկի յաջողութիւնը, որ «Մարալ»ի պատմութեան մէջ իսկ նոր էջ մըն է ըստ իս, անկարելի էր ստեղծել այլ կերպ։ Համբուրելի են ձեր ձեռքերը, սիրելիք… Ու ձեր պարող տղաքը, որոնք երէկ ի՜նչ բուռն ծափերով գնահատեցին ձեզ, ապագային հոգիի ու մտքի որքա՜ն սաստիկ յուզում մը պիտի ապրին ամէն անգամ երբ յիշեն այս օրերը, ձեր անձնուիրութիւնը։
Համերգի եզրափակիչ հանգրուանին յուշատախտակներ յանձնուեցան բոլոր անոնց, որոնք կերտած էին 30-ամեակի այս փառաւոր պատկերը՝ Սէլմա Իսքէնտէրէօզին, Հայկ Գրիգորեանին, Կարպիս Չափքանին, Իրիս Չափքանին, պարուսոյցներու օգնականներ Հերա Մանուեանին, Սարեմ Ք. Շէշէթեանին, Նուրհան Սունէրին, մեներգիչներ Տքթ. Գարին Եասթանքաչքօլին, Գարին Սուսմաքին։
Փակման պարը պարեց ամբողջ պարախումբը՝ շուրջ 130 հոգի։ Գոյնզգոյն տեսարան մը ստեղծելով բեմին վրայ։ Մեր հոգիներուն մէջ ալ։ Սորվեցուցին որ այսպէս պարել գիտցող, այսպէս նուագող ու երգող գիտցող հասարակութիւն մը հազիւ թէ ընկճուի ժամանակաւոր դժուարութիւններու առջեւ։ Սորվեցուցին, որ
«Պար չէ սա, այլ՝ մի ազգի քաջ պատմութիւն,
Ուր պարտութի՜ւնն անգամ ունի հպարտութիւն,
Եւ չի՛ յաղթի ոչինչ այս հին ժողովրդին,
Որ այս ջանքո՛վ
Որ այս կամքո՛վ
Պարե՜լ գիտի…»։
Հալա՜լ է քեզ, «Մարա՛լ», պարէ՜…
Subscribe to:
Post Comments (Atom)
No comments:
Post a Comment