Մշակութային լուրջ իրագործումներու համար պարտադիր քանի մը տարրեր երբեք թերեւս քով քովի չգային Սփիւռքի լպրծուն գետիններուն վրայ, եթէ զուրկ ըլլայինք ներկայի հեռահաղորդակցական ու փոխադրական միջոցներէ։ Պարզամտութեան չվերագրուի ըսուածը. հապա ինչպէ՞ս մէկտեղուէին աշխարհի իրարմէ հեռու ծագերուն ապրող լաւագոյն ստեղծագործողները վայրի մը վրայ, որ կը գտնուի հեռաւոր ուրիշ ծագ մը՝ հոգ չէ թէ այդ մէկը անցեալին եղած ըլլայ միասնական մշակոյթի մը պատրանքը ապրեցնող կեդրոն մը։ Հարցը ճիշդ ալ -միշտ ալ- թիւր ընկալումներու կեղծ վէճեր կը յառաջացնէր, երբ թերեւս երէկի աննախնթացը պատահեցաւ։
Երազային էր պահը իրապէս. տեսնել բեմին վրայ Յասմիկ Պապեանը՝ որ չես գիտեր ո՛ր հռչակաւոր օփէրային թատրոնի (Մեթրոպոլիթէնի՞ թէ Շտաթցօփէրայի) փոշին դեռ կօշիկներուն վրայ, ձայնալարերը դեռ չհանգչած Փուչչինիի կամ Պէլլինիի բարդագոյն դերերգներու կատարումէն՝ կու գար Պոլիս, բեմ բարձրանալու համար Իսթանպուլի թէքնիք համալսարանի Մաչքայի մասնաշէնքի համեստ ամփիթատրոնին մէջ։
Իր կողքին տեսնել նոյնքան լուրջ անուն մը՝ Շահան Արծրունին։ Իր կեանքը հայ երաժշտութեան նուիրած յաջողակ գործիչ մը, կազմակերպիչը երաժշտական մեծ ձեռնարկներու։ Թերեւս հայ երգարուեստ տարածելու իր առաքելութիւնը ընդունելութեան չարժանանար եթէ չըլլար կատարողն ու մեկնաբանը արեւմտեան դասական երաժշտութեան ընտրագոյն կտորներուն։ Այնպէս որ իր հեղինակութիւնը անկասկած փայլ մը, երանգ մը կ՚աւելցնէ այս հին ժողովդրի անզուգական երաժշտութեան։
Եւ Վարդանանց երգչախումբը՝ Ատրուշան Հալաճեանի խմբավարութեամբ։ Սփիւռքեան իրականութեան արտայայտութիւններէն մէկը։ Համայքային, զո՛ւտ հայկական ուժերու մէկտեղումէն յառաջացած, սիրողական բայց նուիրեալ ուժերու համադրումը, որու արդիւնքը վստահաբար կրնար այլ ըլլալ -աւելի՛ բարձր- բոլորովին տարբեր պայմաններու տակ։ Համայնքի մը լաւագոյնը ըլլալու իրողութիւնը բաւարար պիտի չըլլար վստահաբար զայն գրաւիչ դարձնելու համար յաչս միջազգային հեղինակութիւններու։ Սակայն հոս է երբեմն հայ ըլլալու գաղտնիքը։ Երբ կրնան նշանակութիւն չունենալ արհեստավարժական նկատառումներ, ու հայ ըլլալը դառնայ բաւարար չափանիշ մը։
Երեք իրարմէ հեռու, թերեւս նախապէս քով քովի չեկած ու հետագային անգամ մը եւս քով քովի չգալիք ուժերը կը ձուլուէին, ի մի կու գային 100-ամեակ բոլորած թերթի մը՝ «Ժամանակ»ի դարադարձիկ յոբելեանը նշելու։ Թերթի ստեղծման օրուան պայմանները եթէ փոխուած չըլլային՝ երէկի համերգը թերեւս ո՛չ մէկ առանձնայատկութիւն ունենար ու դիտուէր բնական երեւոյթ մը. վերջապէս երաժշտարուեստի երեք միաւորներ կու գան քով քովի ու համերգ մը կ՚ունենան։ Քաղաքի՛ մը մէջ, որ մշակութային կեդրոն է։ Քաղաքի՛ մը մէջ ուրկէ Կոմիտաս անցած է, Արմենակ Շահմուրադեանի ձայնը հնչած է, Կանաչեան կազմած է «Քնար» նուագախումբը եւ բնական է որ ի մի գան Յասմիկ Պապեանը, Շահան Արծրունին ու Վարդանանց երգչախումբը։ Սակայն երբ խախտած է բնական յաջորդականութիւնը, Կոմիտասը ցնորած է ու ինկած՝ օտար Փարիզի մը հոգեբուժարանին մէջ, Կանաչեան ապաստանած է հեռաւոր Պէյրութի մը մէկ անկիւնը, ապա իրապէս իրադարձութիւն է աշխարհի լաւագոյն արուեստագիտուհիներէն Յասմիկ Պապեանը տեսնել հոս՝ բեմին վրայ, Շահան Արծրունին անոր քով եւ Վարդանանց երգչախումբը իրենց ետին։
Զանոնք կը միացնէ հայ թերթ մը, որ 100 տարիներու հեռաւորութենէն կը հասնի այս օրուան, վկան անասելի ողբերգութիւններու, միաժամանակ կործանման ուժգնութեան հաւասար աներեւակայելի զարթնումներու։ Իր էջերուն վրայ ցեղին հոգեկերտ հեղինակները հիւրընկալած, հոգ չէ թէ այսօր հեռու ըլլայ իր այդ փառքի օրերէն։ Կոմիտասէն տառ մը, Դանիէլ Վարուժանէն ստորակէտ մը, Երուանդ Օտեանէն բառ մը, Զապէլ Եսայեանէն միջակէտ մը, Գրիգոր Զօհրապէն, Վահան Թէքէեանէն նախադասութիւն մը հիւրընկալած ըլլալն իսկ □Ժամանակ□ը արժանի կը դարձնէ միայն լաւագոյն իրագործումներու։ Այլ կերպը անիրաւութիւն կ՚ըլլայ յիշուած ու դեռ բազմաթիւ չյիշուած ուրիշ անուններու…
Երկար ատենէ ի վեր սպասուած համերգը բացուեցաւ Յասմիկ Պապեանով։ Իրմէ զուլալ աղբիւրի մը նման բխեցաւ Կոմիտասը (1869-1936)։ Ջինջ. մաքրամաքուր։ Նախ «Կռունկ»ը եւ հերթով՝ «Ծիրանի ծառ»ը, «Չինար ես»ը, «Քելեր, ցոլեր»ը, «Քելէ, քելէ»ն, «Շողեր ջան»ը, «Կաքաւի երգ»ը։ Իրարու հիւսուած եօթ ստեղծագործութիւններ։ Հատուածներ ամբողջէ։ Պապեանի ձայնով Կոմիտաս ելեկտրական հոսանքի մը նման անցաւ սրտէ սիրտ, թրթռացնելով բոլոր հոգիներուն լարերը։ «Կռունկ»ը յատկապէս, յետոյ «Չինար ես»ը, «Քելեր ցոլեր»ը անշուշտ եւ «Ծիրանի ծառ»ը մանաւանդ… Ե՞րբ արդեօք այսքա՜ն տպաւորիչ հնչած էին Պոլսոյ մէջ։ Տամկացնելու աստիճան մեր աչքերը։ Ծափերը բաւարար պիտի չըլլան երբեք յայտնելու համար հոգիին գոհունութիւնը։
Յասմիկ Պապեան առաջին հատուածի վերջաւորութեան մեներգեց իսթանպուլահայ ունկնդի համար բոլորովին նոր անունէ մը՝ Տիգրան Մանսուրեանէ (1939) «Չորս հայրէն»ը։ Մանսուրեան արդի հայ երաժշտարուեստի կարեւորագոյն յօրինողներէն է։ Այս գործը կը նկատուի դժուար կատարելի. հանգամանք մը, որ անշուշտ ի զօրու չէր Յասմիկ Պապեանի համար։ Նահապետ Քուչակի չորս հայրէններու հիմամբ ստեղծուած այս կարեւոր ստեղծագործութիւնը Տիգրան Մանսուրեանի երգացանկի դասական բացկացուցիչներէն է։ «Դաւիթ Մարգարէ», «Իմ հոգւոյս հոգի», «Ես ան հաւերուն էի» եւ «Երբ ես ի յաշխարհս եկի» հայրէնները միջնադարեան շարականի մը, ստեղիի մը համը ունին ու իրենց յօրինիչը՝ Մանսուրեանը կը վերածեն արդի տաղերգուի մը, ժամանակակից Առաքել Սիւնեցի մը։ Շահան Արծրունիի դաշնամուրի նուագակակցութիւնը անթերի էր այս բաժնին ընթացքին եւս։
Ծանր այս գործին մթնոլորտը քիչ մը մեղմելու համար թերեւս Յասմիկ Պապեան առաջին բաժինը եզրափակեց Բարսեղ Կանաչեանի (1885-1967) յայտնի «Օրօր»ով։
Միջնարարէն վերջ, յայտագրի երկրորդ հատուածը յատկացուած էր Շահան Արծրունիին։ Ան նախ նուագեց Սարգիս Բարխուդարեանէ (1887-1973) «Նազ պար»ը եւ անմիջապէս անցաւ Արամ Խաչատուրեանի (1901-1978) «Թոքքաթա»ին՝ առանց արտօնելու, որ հանդիսատեսը ծափահարութիւններով գնահատէ իր վարպետ կատարումը։ Արծրունի իրեն յատկացուած բաժինը եզրափակեց Առնօ Բաբաջանեանի (1921-1983) յայտնի «Էլէկիա»ով՝ յօրինուած Սայաթ-Նովայի թեմաներով։
Ապա բեմ բարձրացաւ Վարդանանց երգչախումբը։ Ատրուշան Հալաճեանի մականին ներքեւ երգչախումբը երգեց Բարսեղ Կանաչեանի «Նանոր»ը։ Գործը, որ Մշոյ Ս. Կարապետ վանք կատարուած ժողովրդական ուխտագնացութեան մը նկարագրութիւնն է, կը վայելէ մեծ համբաւ։ Վարդանանց երգչախումբի երգիչներն ու երգչուհիները ստեղծագործութեան կարեւորութեան գիտակցութեամբ է որ կատարեցին զայն՝ արժանանալով հանդիսականներու ջերմ ծափերուն։
Յասմիկ Պապեանի, Շահան Արծրունիի ու Վարդանանց երգչախումբի առանձին ելոյթները բոլոր նախադրեալները պատրաստած էր վերջին բաժինը միասնաբար ուժգին եզրափակումի մը վերածելու համար։ Պիտի ներկայացուէր հատուած մը Արմէն Տիգրանեանի (1879-1950) «Անուշ»էն՝ հայ օփէրայի դասական ստեղծագործութիւնէն։ «Խելագարութեան դրուագ»ը նախընտրելի հատուած մըն է նման պարագաներու համար, ուր Անուշի դերերգը կը հասնի իր ողբերգականութեան գագաթին։ Յասմիկ Պապեան, որ առաջին հատուածին հանդէս եկած էր որպէս համերգային մեներգիչ, «Անուշ»ի կատարումով վերադարձաւ օփէրայի երգչուհիի իր տարերքին։ Տրամաթիզմը հասցնելով ենթադրելիի բարձրագոյն սահմանին՝ առանձնացաւ ցարդ մեր լսած ու տեսած «Անուշ»ներէն։ Անզուգական էր ան, ձայնին բոլոր երանգները ծիածանի մը պէս փռուեցան եթերին վրայ, պահ մը մնացին կախուած հոնկէ՝ միջոց մը վերջ թափելու համար անմիջական շրջապատէն անջատուած մեր գիտակցութեան վրայ։ Իրապէս հրա՜շք մըն էր…
Յոտնկայս եւ բուռն ծափահարութիւններ։ Դարձեալ հատուած մը □Խելագարութեան դրուագ□էն։ Ծափահարութիւններ՝ աւելի՛ ուժգին։ Գաբրիէլ Երանեանի նուիրական «Կիլիկիա»ն այս անգամ, Նահապետ Ռուսինեանի բանաստեղծութեամբ։ Ծափահարութիւնները կը շարունակուին, խլացնելու աստիճան։ Եւ եզրափակիչը նորէն Կոմիտասի մշակմամբ, Գաբրիէլ Երանեանի անմահ գործով՝ «Հայաստա՜ն, երկիր դրախտավայր»։
«Անդրազգային» տարածք ըսուածը այս ըլլալու է. երբ չէք զգար ձեր ո՛ւր ըլլալը, չէք գիտեր թէ երբ դռնէն դուրս ձեր ոտքը դնէք՝ ո՛ւր պիտի յայտնուիք։ Այնքան որ ներսը ձեզ քաշած է իր մէջ։ Անուրջներու, պատրանքներու, տեսիլքներու, երազներու, խաբկանքներու (ինչ որ ուզէք կրնաք ըսել) միասնաբար ապրուիլը, գրեթէ յաջորդական ձեւով, կրնայ նոյնիսկ հոգեկան ցնցում յառաջացնել։ Սահմանները զանցելով՝ ստեղծել սեփական սահմանները։ Խորենացիի «Սահմանք քաջաց զէնն իւրեանց»ը փոխուած ու դարձած է մշակոյթով «ասպատակութեան» մը՝ նուաճելով աւելի ընդարձակ սահմաններ, քան կրնար զէնքը։ Հայաստան մը ստեղծել ամբողջ աշխարհի տարածքին, Տէրեանի «Հոգեւոր Հայաստան»էն աւելի տարբեր գուցէ։ Յասմիկ Պապեանի, Շահան Արծրունիի եւ Վարդանանց երգչախումբի միասնութիւնը իր խորքին մէջ ուժեղ էր, իր գծագրած տեսարանով՝ սքանչելի։ Անկրկնելիօրէն գեղեցիկ։
Շնորհակալութիւն մը բաւարար պիտի ըլլա՞ր արդեօք։ Ճիշդ է, շնորհ ընդունեցինք երէկ, ինչպէս նորընծայ մը որ միւռոնով կ՚օծուի։ Հայը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ այս հաստատումով՝ շնորհ ընդունիլը յայտնելով դիմացինին։ Բայց մենք պարտք մնացինք երէկ ձեզի սիրելիներ։ Անփոխադարձելի թերեւս…

No comments:
Post a Comment